Լիբանանահայ յայտնի լրագրող Փօլա Եագուպեան մաս պիտի կազմէ նոր կառավարութեան: Այս մասին անպաշտօն տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ Տիար» պարբերականը: Աղբիւրը կը նշէ, որ 30-անդամնոց կառավարութեան կազմութեան պարագային Փօլա Եագուպեան պիտի դառնայ նախարար եւ ան պիտի ներկայացնէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի պլոքը: Նշենք, որ Եագուպեան լրագրողական դաշտին մէջ մեծ փորձ ունի եւ ան երկար ժամանակով աշխատակցած է CNN-ին , իսկ անցնող տաս տարիներուն կը վարէ Հարիրիի հովանաւորած Future կայանէն սփռուող Interviews քաղաքական Talk show ծրագիրը:
Մեր տուեալներով Եագուպեանի նշանակման պարագային ան պիտի դառնայ առաջին հայ կին նախարարը:
Հայախօս Եագուպեան արաբերէնի կողքին լաւապէս կը տիրապետէ անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի: